ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զուգահեռներ գծեց թուրքերու դէմ պատերազմներուն եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին միջեւ:
Փութին, յիշատակելով յատկապէս 11րդ դարուն թրքական ցեղախումբերու դէմ պատերազմները՝ ըսաւ հետեւեալը. «Մեր երկիրը բազմաթիւ լուրջ փորձութիւններ յաղթահարած է: Ռուսիա բոլորին (թրքական ցեղախումբերուն-Խմբ․) յաղթեց: «Քորոնա» ժահր կոչուող չարիքն ալ պիտի յաղթահարենք միասնաբար»։
Թուրքիոյ մէջ այս խօսքերը բաւական լայն արձագանգ գտած են եւ շատեր, զանոնք որակած են իբրեւ ազգայնամոլութեան դրսեւորում:
10 Ապրիլի տուեալներով՝ Ռուսիոյ մէջ կան 12,000 վարակուածներ եւ արձանագրուած են 94 զոհեր։