ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի գլխաւոր համակարգող եւ Համաճարակաբանութեան ազգային հիմնարկի ղեկավար Էնթընի Ֆաուչի «Սի.Էն.Էն.»ի հետ Կիրակի օր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ընդունեց, որ համաճարակի զոհերուն թիւը աւելի քիչ պիտի ըլլար, եթէ դաշնակցային իշխանութիւնները չյապաղէին կանխարգելիչ գործողութիւններ որդեգրելու գծով։
Սպիտակ տան Յունուարին իսկ յանձնարարականներ կատարուած էին համաճարակին տարածումը զսպելու համար քայլեր որդեգրելու համար եւ Ֆաուչի ընդունեց, որ առնուազն Փետրուարի վերջերը արագ ախտորոշման եւ վարակակիրները արագօրէն մեկուսացնելու ու շրջագայութիւնը արգիլելու հրահանգ պէտք էր արձակել:
Իբրեւ պատասխան այս բացայայտումին՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երկուշաբթի օր Ֆաուչին պաշտօնանկ ընելու կոչ պարունակող գրառում մը զետեղեց «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ։
Նշենք, որ շուրջ 330 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ, ցարդ իրականացուած են միայն 3 միլիոն քննութիւններ եւ միայն Քոնկրեսին կողմէ ընդուած օրէնքով է, որ քննութինները կը բազմապատկուին։
Անցնող շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգները դարձաւ ամէնէն մեծ թիւով զոհեր ունեցող երկիրը։ Անիկա արդէն իսկ ունէր ամէնէն շատ վարակուածները։ Երկուշաբթի օրուան տուեալներուն համաձայյն՝ վարակուածներուն թիւը հասած է 570,000ի, իսկ զոհերունը՝ 22,877ի։ Ամէնէն ծանր իրավիճակին մէջ կը մնայ Նիւ Եորքը, ուր կան առաւել քան 190,000 վարակուածներ եւ արձանագրուած են շուրջ 10,000 մահեր։
Եւրոպայի մէջ վարակումներուն եւ մահերուն թիւերը կը շարունակեն նուազիլ։ Իտալիոյ մէջ Երկուշաբթի օր արձանագրուեցան 566 մահեր, ընդհանուր թիւը հասցնելով 20,465ի, իսկ Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ցարդ մահացած են յաջորդաբար 17,489 եւ 14,393 քաղաքացիներ։
Իրանի մէջ, վարակուածներուն թիւը հասաւ 73,303ի, իսկ զոհերունը՝ 4585ի: Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 18,328ի, իսկ մահացողներուն թիւը՝ 148ի։
Թուրքիոյ մէջ կան 56,956 հաստատուած վարակակիրներ եւ մահացած են 1198 քաղաքացիներ։
Աշխարհի տարածքին, կան մօտաւորապէս 1,9 միլիոն վարակակիրներ եւ մահացած են մօտաւորապէս 120,000 անձեր. առողջացած են 440,000 վարակուածներ։