ԹԵՀՐԱՆ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց, որ Իրան շահեցաւ Լիւքսամպուրկի մէջ Միացեալ Նահանգներու պահանջով ութ տարիէ ի վեր սառեցուած 1․6 միլիառ տոլար իրանեան գումարներու վերաբերեալ դատը:
Գումարը սառեցուած էր, երբ Նիւ Եորքի մէջ դատարան մը Իրանէն 7 միլիառ տոլարի վնասուց հատուցում պահանջած էր «11 Սեպտեմբեր 2001ի ահաբեկչութեան օգնելուն» համար: Իրան անհիմն կը համարէ այդ մեղադրանքները: