ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Համայն աշխարհի տագնապին մէջ, ոմանք շուարած են ո՛չ այնքան դժուար կացութիւններ դիմագրաւելու մտահոգութեամբ, որքան տագնապալից կացութեան մը մէջ առաջնորդողի դերը ստանձնելու գաղտնի ջանասիրութեամբ: Ինքնին գովելի այս նախաձեռնութիւնը սակայն, խոցելի բազմաթիւ կողմեր ունի: Անոնցմէ առաջինը անձնասիրութիւնն է, որուն հետեւանքները բազմազան են, մինչեւ դժբախտ աւարտ՝ մահուամբ:
Համաշխարհային մտահոգութիւններ են՝ ընդհանուր տնտեսութեան վրայ արտակարգ հեղինակութիւն, մոլորակի բնական հարստութիւններուն վրայ անսահման մենատիրութիւն եւ քանի մը նման ընդհանրական տիրութիւններ: Ասոնք ձեռք բերելով, աշխարհի կառավարման սանձը ձեռքի մէջ ունենալու աննկարագրելի գոհունակութիւն կը զգան գերպետութիւններ: Անոնք այնուհետեւ անտառի օրէնքով կը շարժին եւ առիւծին վայել անկանխատեսելի արարքներով իրենց իշխանութիւնը կը տարածեն նաեւ շրջակայ անտառներուն վրայ: Առիւծի ծանր թաթին անպարագիծ շարժման զոհ կ՛երթան անոնք, որոնք այդ վայրկեանին անոր մօտ կանգնած կ՛ըլլան կամ առնուազն անոր տեսադաշտին մէջ կը գտնուին այդ պահուն:
Պատրուակներ, կեղծ պատճառաբանութիւններ եւ շինծու արգելքներ չեն պակսիր առիւծին որջին մէջ, զոհերուն դիմաց դրսեւորելու համար իր իսկական ծրագիրը՝ զանոնք յափշտակելու քօղարկուած որոշումը: Կենդանական աշխարհի լուսանկարիչներ եւ շարժապատկեր պատրաստողներ ամիսներով կը համբերեն տարուան չորս եղանակներու ջերմաստիճանային դժուարութիւններուն տոկալով, անասուններուն բնազդային իւրայատկութիւնները արձանագրելու, ապա մարդկութեան ցուցադրելու համար: Այդ պատկերներուն կամ շարժապատկերներուն մէջ ամէնէն հետաքրքրական բաժինը՝ որսը «անփորձանք» ձեռք բերելու մասն է, երբ զօրաւորը տկարը կը զգետնէ: Սակայն մինչեւ այս վճռական պահը, նախայարձակ դարանակալ կենդանին հաշուարկներ կը կատարէ, իր եւ որսին միջեւ հեռաւորութիւնը կը չափէ, իր «անտեսանելիութիւն»ը կ՛ապահովէ մացառներուն համահաւասար մարմնական բարձրութիւն գծելով, երբեմն նոյնիսկ շնչառութիւնը կը դադարեցնէ ուշադրութիւն չգրաւելու զգուշաւորութեամբ եւ յարմար վայրկեանին մեծ թափ հաւաքելով կը նետուի յառաջ, իսկ թռչելու կարողութիւն ունեցող որսերուն պարագային՝ կը ցատկէ որքան որ հնարաւորութիւն ունի, որպէսզի կարենայ առջեւի թաթերուն ճանկերով բռնել դէպի վեր խոյացող թեւաւորը:
Առիւծին այս բացառիկ հեղինակութիւնը անհամեմատելի ըլլալով, անտառի բոլոր կենդանիները իրենց գլուխը կը ծռեն, հպատակելով անոր կամքին, իսկ ան իր տիրապետութիւնը կը հաստատէ բոլորին վրայ, ի ժամու եւ ի տարաժամու որս գտնելով՝ իբրեւ տիրակալը անտառին:
Այս մենատիրութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ, որ առիւծը ունենայ իր մանկլաւիկները՝ աղուէս, բորենի եւ այլք, որոնք ո՛չ միայն անոր շուրջը կը դառնան, այլեւ պոչին կը կախուին, երբեմն անոր պոչի շարժումէն հրահանգներ կը ստանան ու անյապաղ կը գործադրեն: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ համամիտ կ՛ըլլան այն գաղափարին, որ անտառին մէջ սեփական գլուխը ողջ պահելու համար, կ՛արժէ նոյնիսկ առիւծին «պոչ»ը ըլլալ, իբրեւ կամակատար գործելու անոր քով, մինչեւ այն օրը, երբ առիւծը հեռանայ այս աշխարհէն, չորս թաթերը երկինք պարզած:
Գազաններն ալ արժանապատուութիւն ունին անշուշտ: Հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ առիւծի մը, որ իր ամբողջ ուժը տրամադրէ դաշտամուկ մը բռնելու եւ անով
իր սոված որովայնը յագեցնելու ծրագիրին: Ընդհակառակը, երբ ան նման ծրագիր մը որոճայ, անով կշտանալու համար թիրախ կը դարձնէ աւելի մեծը, որուն ետեւէն վա֊զելու յոգնութիւնը ի վերջոյ պիտի գնահատուի հանդիսատես այլ անասուններու կողմէ:
Ահա այս պատճառով մուկերը որոշ չափով իրենց ազատութիւնը կը վայելեն, հողին տակ դղեակներ շինելով ելեւմուտք կ՛ընեն, վտանգի մը պահուն շուտով կը սողոսկին իրենց անտեսանելի ծակերին մէջ, ներքին անդորրութիւնը վայելելով: Օձերն են երբեմն, որ իսկական վտանգ կը հանդիսանան դաշտամուկերուն, որոնց բացած ծակերը իրենց գետնաքարշ ճամբաներուն դիմաց կը յայտնուին յաճախ, որոնց մէջ սողալով, այնտեղ կը գտնեն ապահով անկիւնի մը մէջ պատսպարուած մուկերուն վարդագոյն ձագերը:
Որոշումներ տալլու գործին մէջ, մուկը սեփական գերիշխանութիւն ու֊նի: Իր բացած ծակին դրան առջեւ քաջաբար կը կանգնի անիկա յաճախ, ետ կը մղէ թշնամին, առանձնապէս որոշում կու տայ՝ ո՞ւր թաքցնել իր ձագերը եւ իր ստեղծած տարածքին վրայ ամբողջական տիրապետութիւն կը հաստատէ:
Նոյնը չէ՛ կացութիւնը առիւծին պոչէն կախուած գազանիկներուն: Անոնք բո֊լորն ալ ստիպուած են առիւծին հրահանգները կատարել, առանց նոյնիսկ դոյզն փոփոխութեան ենթարկելու զանոնք: Այլապէս առիւծին համար շատ հեշտ է պոչի մէկ շարժումով անոր վրայ կախուածները բերնին մօտեցնելը: Բաւական երկար եւ ծայրը բրդագունդ մը ունեցող անոր պոչը շատ արագ կրնայ հասնիլ դունչին, իսկ անոր վրայ կախուածները, շուտով կրնան իյնալ առիւծին կլափը, անոր աղօրիքներուն միջեւ մանրուելով: Անտառին մուկերը շատ անգամ հանդիսատես կ՛ըլլան նման տեսարաններու, փառք տալով որ իրենք այդ պոչին վրայ չեն, հակառակ իրենց փոքրածաւալ մարմինին, եւ ո՛չ ալ պարտաւորութիւն ունեցած են կախուելու անկէ: Դեռ աւելին, առիւծը յանկարծ նեղութիւն կը զգայ իր պոչին վրայ եղած ծանրութենէն եւ զօրաւոր շարժելով զայն, անկէ կախուածները աջ ու ձախ կը տարտղնէ: Անոնցմէ ոմանց գլուխը քարին գալով տեղն ու տեղը կը սատկին, ուրիշներ անոր մռնչիւնը լսելով կը փախչին ու անյետադարձ կը թաքնուին անտառին խորերը, մինչ մուկը ինքնավստահութեամբ կը մտնէ իր բոյնը, ապահովութիւն ստեղծելով իրեն համար:
Ծերունի փորձառու բարեկամս կ՛ըսէր. -Կը նախընտրեմ մուկին գլուխը ըլլալ, քան թէ առիւծին պոչը:
Իրաւունք ունէր ան, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին երբեք ուրիշին տրատու չէր եղած, ո՛չ ալ կախուած էր ասորանոր պոչէն՝ իր գոյութիւնը պահելու համար: Ան իր եղունգներով թէ՛ գլուխը քերած էր, թէ՛ իր տան համար հողը փորած եւ թէ նոյն եղունգներով ինքնապաշտպանութեան դիմած՝ թշնամական յարձակումներու պարագային: Այդ իսկ պատճառով, ան յաճախ կ՛աւելցնէր՝ ըսելով. -Մատներուդ ծայրը եղած եղունգներուդ աւելի՛ վստահիր, քան թէ քեզմէ աւելի զօրաւոր բարեկամիդ կամ ընկերոջդ ձեռքը եղած սուրին, բիրին ու նիզակին:
Վերոյիշեալ երկարապատում եւ ոլորապտոյտ օրինակով ցոյց տրուածը այն է, որ իր սեփական ուժերուն վստահելով՝ մարդ աւելի՛ արդար եւ բաւարարուած կեանք մը կ՛ապրի եւ ուրիշներուն ստրուկը չի՛ դառնար:
Ես անձնապէս պիտի ուզէի մուկին գլուխը ըլլալ, քան թէ առիւծին պոչը: Քու տեսակէտդ ինծի ծանօթ չէ՛: Սակայն փորձառաբար պիտի յայտնաբերես, որ նախընտրելի է մուկին գլուխը ըլլալ՝ ինքնորոշման իրաւունքով, քան թէ առիւծին պոչը ըլլալ՝ որոշում տալու իրաւունքէն զրկուած: Առիւծին ուղեղէն տրուող հրահանգով շարժող պոչը աւելի նուազ պատիւ ունի, քան անկախաբար մտածող մուկին գլուխը, որ թէպէտ փոքր է, բայց՝ նախընտրելի: