Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ծանօթ, ատենին ալ բաւական տարածուած հեքիաթ էր հետեւեալը:
Քաղաքի մը մօտ, լերան լանջին, աղբիւր մը կը բխի: Քաղաքացիք կ’ուրախանան, որովհետեւ ո՛չ միայն առատահոս է աղբիւրը, այլեւ ունի շա՜տ համեղ ջուր: Մարդիկ կը վազեն դէպի աղբիւրը, որպէսզի համտեսեն չնաշխարհիկ ջուրը: Միակ անպատեհութիւնը այն էր, որ այդ ջուրէն խմողը… խելքը կը կորսնցնէր: Թագաւորը կ’իմանայ պատուհասը եւ կ’արգիլէ այդ ջուրէն խմելը: Մարդիկ կ’անտեսեն թագաւորին հրահանգը, որովհետեւ փորձութեան կարելի չէր դիմադրել: Խենթերուն թիւը շուտով կը գերազանցէ խելօքներունը: Թագաւորը ահազանգի կը մատնուի եւ աւելի՛ խիստ միջոցներ ձեռք կ’առնէ: Անօգո՜ւտ: Մարդիկ ձեւը կը գտնեն հասնելու աղբիւր: Թագաւորը կը տեսնէ, որ միայն ինք մնացած է խելօք, իրմէ զատ բոլորը խենթացած են, անկարելի դարձած է քաղաքը կառավարել: Կը մնայ մէկ ճար. ի՛նք ալ կ’երթայ եւ կը խմէ ջուրէն…
Ինչո՞ւ յիշեցինք այս հեքիաթը:
Որովհետեւ անոր տարբերակին ականատես ենք այս օրերուն: Պսակաձեւ ժահրին տարածումը մահ կը սփռէ աշխարհի չորս ծագերուն. հետեւանքները գաղտնիք չեն: Ուշացած նախազգուշական միջոցառումները, մանր քայլերով, տեղ-տեղ բարեշրջումի յոյսեր կը բերեն, սակայն պատուհասը տակաւին կը մնայ գերիշխող, նո՛յնքան տիրական կը հնչեն, պէ՛տք է հնչեն զգուշութեան ու չվարակուելու-չվարակելու կոչերը: Եկո՛ւր տե՛ս, որ հետզհետէ կը բարձրանայ անմիտ բողոքի ալիք մը. մարդիկ ցոյցի կ՛ելլեն, մասնաւորաբար ամերիկեան կարգ մը շրջաններու մէջ, ազատութիւն կը պահանջեն՝ բնականոն վիճակի վերադառնալու: Մամուլը ողողող ցուցատախտակներուն վրայ ի միջի այլոց կ’երեւին «Մարմինս իմս է, ազատ եմ անոր հետ վարուելու ըստ իմ կամքիս», «դիմակը խօսքի ազատութիւնս կը խափանէ», «Ազատութիւն կամ մահ» եւ նման անտեղի նշանախօսքեր: Կարծէք թէ արգելքները դրուած ըլլային գեղագիտական կամ վիրաբուժական այլանդակ գործողութեանց դէմ: Մարդիկ կը մոռնան, որ մինչեւ իսկ եթէ, ըսենք՝ վարկուելու իրաւունքը ունին, բացարձակապէս իրաւունք չունին ուրիշը վարակելու, անոնց կեանքը վտանգի ենթարկելու: Ատիկա ոճիր է ու ահաբեկչութիւն:
Հարցը հոն է, որ այս ալիքին սկսման եւ բարձրացման մղիչ ուժը՝ նախագահ Թրամփն ու իրեն նման չտրամաբանողներ են, Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ այլ երկիրներու (ամէնէն բարեմիտ դիտաւորութիւնն իսկ չի կրնար անտեսել վտանգին տարողութիւնը, ո՛չ ալ նման շուտիկութեամբ կրնայ ծածկուիլ այն, որ կառավարութիւններ հսկայական թերացումի մէջ են դիմակ, ձեռնոց եւ այլ անմիջական պիտոյքներ, նա՛եւ ապրուստի կարիքներ հայթայթելու մէջ):
Այլ խօսքով, յիշեալ հեքիաթին ընթացքը շրջուած է. փոխանակ «թագաւորը» արգելք հաստատելու եւ զանգուածը զգուշացման հրաւիրելու, ի՛նք է ջուրէն առաջին խմողն ու խելքը թռցնողը, զանգուածն ալ հոն մղողը: (Բարեբախտաբար, խելամիտ մարդիկ հակառակը պահանջելով ալ ցոյց կ’ընեն: Իսկ ո՛չ ոք դէմ կրնայ ըլլալ տրամաբանական ու ապահով վերադարձին՝ եթէ հոն հասած ենք):