ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Պօղոսեան-Մանուէլեան ընտանիքի համոյթին կատարողութեամբ, 23 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առցանց համերգ մը, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
Պիտի կատարուին Կոմիտասէն եւ Մոցարթէն ստեղծագործութիւններ եւ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային անդրանիկ կատարումներ՝ Իըն Քրուսի, Արտաշէս Քարթալեանի եւ Այտա Շիրազիի ստեղծագործութիւններուն։
Պօղոսեան ընտանիքի համոյթին մաս կը կազմեն Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Եդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), եւ Անուշ Պօղոսեան (քլարինեթ, աւագասրինգ):
Համերգին կարելի է հետեւիլ www.youtube.com/user/DilijanMusic կայքէջին վրայ։