ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին ընդառաջ, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը հրատարակեց «Հողը կը խօսի» ժողովածուն, որուն մէջ ընդգրկուած են եղեռնազոհ գրողներու ստեղծագործութիւնները:
Անոր մէջ ներառուած են Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Արտաշէս Յարութիւնեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Երուխանի, Թլկատինցիի, Գեղամ Բարսեղեանի, Տիգրան Չոքուրեանի եւ Ռուբէն Զարդարեանի գործերը:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ըսաւ, որ գիրքը 2015ին հրատարակուած է չորս լեզուներով՝ անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն: «Հայոց լեզուով գիրքը նոր ենք հրատարակել: Աշխատում էինք այն օտար լեզուներով ներկայացնել՝ միջազգային հանրութեանը ծանօթացնելով եղեռնազոհ գրողների ստեղծագործութիւններին: Այժմ մտածում ենք այն թարգմանել նաեւ այլ օտար լեզուներով», նշեց Միլիտոնեան:
Գիրքը կազմած է Հայաստանի Գրողներու միութիւնը, զայն լոյս ընծայած է «Վան Արեան» հրատարակչութիւնը՝ Լեոնիդ Գոգորեանի աջակցութեամբ։ Ծրագիրի ղեկավարը եւ խմբագիրն է Էդուարդ Միլիտոնեան, իսկ կազմողները՝ Հերմինէ Նաւասարդեան եւ Տիգրան Գաբոյեան։