ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, 23 Ապրիլի ուշ երեկոյէն սկսեալ, Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակի տարելիցին առիթով շուրջ 5000 կակաչներ պիտի խոնարհին դէպի յուշահամալիրի անմար կրակ տանող ճամբուն վրայ:
Լուրը հաղորդեց «Կանաչապատում եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» կազմակերպութիւնը։ Անիկա յայտնեց, որ ծաղիկները ներկայիս կը գտնուին թաղարներու մէջ, հողին մէջ ակօսները փորուած են եւ կը մնայ տեղադրել ծաղիկները: