ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար Սերգէյ Սմբատեան) Եղեռնի 105րդ տարելիցին առիթով դիմեց իւրայատուկ նախաձեռնութեան։ Անիկա «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ կատարեց Էդուարդ Պաղտասարեանի «Նոքթիւրնը»:
Այս կատարումով, նուագախումբը կը միանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցի ոգեկոչման արշաւին եւ յիշատակի տուրք կը մատուցէ բոլոր անոնց, որոնք նահատակուեցան 1915-23 թուականներուն։ Տեսանիւթը կարելի է դիտել այցելելով https://www.facebook.com/ASSOofficial/videos/251824856005055/ կայքէջը: