ՈՒԻԼԸՊԻ, Աւստրալիա․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Աւստրալիոյ հրէական համայնքի Գործադիր խորհուրդը կոչ ըրած է դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ հրեաներու ցեղասպանութինները։
«Քաղաքական նպատակայարմարութիւնը պէտք չէ մեզ հեռացնէ պատմական ճշմարտութենէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: