ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ․- Թուրքիոյ խորհրդարանի Տիգրանակերտէն ընտրուած պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․
«Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրն է։ 24 Ապրիլ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ, կառավարութեան իսկ որոշումով, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորի ենթարկուեցաւ արեւմտահայ մտաւորական ընտրանին, որուն մեծ մասը ապա պիտի սպաննուէր Անատոլուի տափաստաններուն վրայ։
«1915ին եւ անոր վաղորդայնին գործադրուած ոչնչացումի ծրագրուած քաղաքականութիւնը, երբ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կը քննարկուի, համահունչ կը նկատուի ՄԱԿի կողմէ սահմանուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան։ Մինչդեռ հայ ժողովուրդին պատահած այս մեծ աղէտէն ասդին 105 տարի անցած ըլլալով հանդերձ, Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ նիւթը չէ քննարկուած, արդարութիւնը չէ վերականգնած եւ պատահածը չէ ստացած իր գնահատականը։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը դարէ մը ի վեր արդարութեան կը սպասէ, ինչ որ կարելի է հաստատել միայն Թուրքիոյ ժողովուրդներու հասարակաց խիղճին հիման վրայ ու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։
«Այդ ժամանակուան իշխանութիւններուն որոշումին համաձայն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները ճշդելու, ուշացած արդարութիւնը վերականգնելու նպատակով՝ կ՛առաջարկեմ խորհրդարանական հետաքննութիւն մը՝ սահմանադրութեան 98րդ ու ներքին կանոնագրութեան 104րդ ու 105րդ յօդուածներուն համաձայն։
ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ
«24 Ապրիլ 1915ին, իթթիհատական կառավարութեան որոշումով եւ հայ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու, գրողներու ձերբակալումով ու աքսորով սկսած գործընթացը աւարտեցաւ հայ ժողովուրդի՝ իր պապենական հողերէն տարագրումով եւ աքսորի ճամբաներու վրայ գործադրուած կոտորածով։
«Շրջանի ներքին գործոց նախարար Թալեաթ փաշայի անձնական թղթածրարներուն համաձայն՝ գիտենք, որ 1914-1917 թուականներուն միջեւ ոչնչացուած է օսմանեան սահմաններէն ներս ապրող հայերուն 77 տոկոսը։ 1915ին սկսած տարագրութիւնը եւ հետագային գործադրուած քաղաքականութիւնը, զինուորական եւ նմանօրինակ նպատակներէն աւելի, բացայայտօրէն յայտնի կը դարձնէ, որ եղածը մէկ մասն ՝ օսմանեան տարածքին վրայ հայ ժողովուրդն հետքը ջնջելու ջանքին։
«Տարագրութեան օրէնքը հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու նպատակ հետապնդելով հանդերձ, մեծ կորուստ պատճառած է նաեւ երկրի սահմաններէն ներս բնակող ասորի, քաղդէացի, եզիտի, յոյն եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Գործադրուած քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ վանք, եկեղեցի, դպրոց եւ նման բազմաթիւ մշակութային կառոյցներ եւ անհատներու պատկանող կալուածներ կողոպտուած կամ պետական որոշումով գրաւուած են։
«1915ին եւ անորվաղորդայնին գործադրուած ոչնչացումի ծրագրուած քաղաքականութիւնը քննարկուած է բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ եւ համահունչ նկատուած՝ ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը» բնորոշող յօդուածներուն։
«Հակառակ հայ ժողովուրդին ենթարկուած աղէտէն անցած 105 տարիներուն, նիւթը քննուած չէ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին կողմէ, հաստատուած չէ արդարութիւնը ու կատարուածին գնահատական մը չէ տրուած։ Ճիշդ այս պատճառով, հայոց պատահած մեծ աղէտը պէտք է քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն հետ առերեսում չէ կատարուած 105 տարիէ ի վեր եւ ենթարկուած է անտեսումի, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկումը չափազանց կարեւոր է հանրային խաղաղութիւն ապահովելու եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար։
«Այդ օրերու իշխանութիւնը քաղաքական որոշումով մը ոչնչացուց հայ ժողովուրդը։ Այս մեծ ոճիրին արդարութիւնն ալ կրնայ հաստատուիլ միայն խորհրդարանին քաղաքական որոշումով։
Այս շրջագիծին մէջ կ՛առաջարկենք պատշաճ քայլը կատարել խորհրդարանական հետաքննութիւն մը սկսելու համար՝ 1915ին հայ ժողովուրդին ենթարկուած աղէտը ուսումնասիրելու, պատասխանատուները ու ոճրագործները ճշդելու, անցեալին հետ առերեսուելու եւ ուշացած արդարութիւնը ապահովելու նպատակով»։