ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ․- Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առթիւ, Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, Ազգային առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ բարեխօսական կարգով աղօթք բարձրացուեցաւ մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու։
Նախքան բարեխօսական կարգը, ծաղկեպսակի զետեղում կատարուեցաւ առաջնորդարանի շրջափակին մէջ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։