ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»․- Ողջունելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին նուիրուած ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած առցանց ոգեկոչումը՝ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ տեսանիւթով ներկայացուած յատուկ ուղերձով մը խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Գանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը այս ուղղութեամբ:
Իր խօսքին մէջ, վարչապետը կարեւոր համարեց մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը յիշելու եւ յիշեցնելու կարեւորութիւնը, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ան նաեւ շեշտեց, որ առաւել քան հարիւր տարի առաջ գործուած այս ոճիրը պէտք է յիշեցնէ համայն մարդկութեան, որ անտարբեր եւ լուռ չմնան ատելութեան, խտրականութեան եւ վայրագութեան արարքներու դիմաց: Ան իր խօսքը եզրափակելով` ըսաւ, թէ Գանատա երբեք պիտի չմոռնայ եւ միշտ պիտի յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Նշենք, որ վարչապետ Թրուտոյի այս տարուան ուղերձը ամէնէն դիպուկ, յանցագործը եւ յանցագործութեան նպատակը յստակօրէն նշող ուղերձն էր, որ երբեւէ հնչած է Գանատայի վարչապետի մը կողմէ: