ՓԱՐԻԶ․- «Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ, թէ անցեալ շաբաթ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին յղեց նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ապրիլ 24ին Ֆրանսան կը յիշէ Պոլսոյ 600 հայ մտաւորականներուն սպանդը, որ սկիզբ դրաւ Ցեղասպանութեան: Այսօր, Ֆրանսա առաւել քան երբեք յանձնառու է պաշտպանելու զոհերուն յիշատակը, պայքարելու ժխտողականութեան դէմ եւ լուրջ դասեր քաղելու այդ ողբերգական պատմութեան էջէն: Անցեալ տարի իմ երկիրը, իմ ստանձնած յանձնառութեան համաձայն՝ Ապրիլ 24ը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Խստօրէն յարգելով ներկայ առողջապահական վիճակին թելադրած հրահանգները՝ ես որոշեցի, որ այս տարի նոյնպէս այդ օրը պէտք է նշուի Փարիզի մէջ, սեղմ արարողութեամբ, Ֆրանսայի կառավարութեան անդամներուn ներկայութեամբ: Այդ ժառանգութիւնը եւ հասարակաց յիշողութիւնը մեր երկու երկրներուն միջեւ իւրայատուկ յարաբերութեան հիմք կը հանդիսանայ: Համոզուած եմ, որ Ֆրանսա եւ Հայաստան միասնաբար պիտի գործեն միջազգային շրջանակներու մէջ՝ ի նպաստ աւելի՛ արդիւնաւէտ, բազմակողմանի եւ նորահաստատ համերաշխութեան: Ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, հայերը կրնան յոյս դնել Ֆրանսայի բարեկամութեան վրայ: Մնալով hաւատարիմ իր յանձնառութիւններուն՝ Ֆրանսա հայութեան կողքին է, թիկունք հանդիսանալով խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հասնելու անոր իղձերուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Շատ ապրիս, Մաքրոն: