ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Փրենսա Արմէնիա»․- Արժանթինի եւ Ուրուէյի նախագահները՝ Ալպերթօ Ֆերնանտէզ եւ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Փօու Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով զօրակցական պատգամներ յղեցին: Նոյն քայլին դիմեցին իրենց արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պատգամաւորներ, քաղաքական ու հանրային գործիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, Արժանթինի, Ուրուկէյի եւ Պրազիլի մէջ, ընդառաջելով ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի դիմումին:
Արժանթինի նախագահը նշեց Արժանթինի թիւ 26199 օրէնքը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նաեւ, կրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ համացանցի վրայ զետեղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր՝ առ ի օգտագործում մանկավարժներու եւ դաստիարակներու:
Ուրուկուէյի նախագահը, նշելով, որ Ապրիլ 24ը «յիշողութեան եւ խորհրդածութեան օր է հայերուն եւ համայն մարդկութեան համար՝ իր ողջոյնը փոխանցեց Ուրուկուէյի հայ համայնքին՝ յիշելով, որ այս տարի Ուրուկուէյի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքին 55ամեակն է: Ուրուկուէյ աշխարհի առաջին երկիրն էր, որ օրէնքով զօրակցեցաւ Հայ Դատին՝ Սեւրի դաշնագիրին հիմքով: