ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք՝ ի նշան յիշատակի ու պահանջատիրութեան, հայ-թրքական սահմանին՝ պատմական Անի մայրաքաղաքին դիմաց, Շիրակի մարզի հեռաւոր Նորշէն բնակավայրին մէջ շուրջ 21 մեթր բարձրութեան վրայ խոյացաւ 10 մեթր երկարութիւն եւ 5 մեթր բարձրութիւն ունեցող հայոց եռագոյն դրօշը. բացումը կատարուեցաւ նաեւ այս առիթով զետեղուած խաչքարին։
Խորհրդանշական արարողութեան մասնակցեցան Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։
Շիրակի մարզպետը ողջունեց ներկաները եւ ուրախութեամբ ըսաւ, որ Ապրիլ 24ին նման միջոցառման մասնակցիլը իսկապէս յուզիչ եւ ոգեւորող է. «Այսօր բոլորիս համար շատ խորհրդանշական ու կարեւոր օր է, ցեղասպանութեան տարելիցի օրը սահմանին վեր է խոյանում հայոց վեհաշուք եռագոյնը, որն իր մէջ ամփոփում է կարեւոր մի միտք՝ եղել ենք, կանք ու կը լինենք։
We like to see similar ceremony,one day, in Ani.