Հոլանտայի կրթութեան նախարար Արիս Սլոպ յայտեց, թէ կ՛ափսոսայ, որ չէ կրցած այցելել Երեւան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցել։ Սլոպ «Արմէնփրես»ին փոխանցած իր ուղերձին մէջ յիշած է հինգ տարի առաջ՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին օրը Երեւան կատարած իր այցելութիւնը։
«5 տարի առաջ ես ներկայ էի Երեւանի մէջ կատարուած այդ սարսափելի իրադարձութիւններու 100ամեակի ոգեկոչման։ Հիմա, 5 տարի ետք, իբրեւ նախարար, յուշարձանին մօտ իմ յարգանքի ծաղիկս պիտի դնէի, ափսոս որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով այդ մէկը չիրականացաւ։ Բայց այս Ուրբաթ մենք կը յիշենք այն հայերը եւ միւս ազգերը, որոնք զոհ գացին 105 տարի առաջ։ Մենք նոյնպէս կը միանանք Հոլանտայի մէջ ապրող հայերուն, որոնք 105ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնը ուրիշ ձեւով՝ լռութեամբ պիտի յարգեն», ըսաւ նախարարը։