ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) զգուշացուց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին «աւարտը տակաւին չ՛ուրուագիծուիր», յորդորելով զգօն մնալ եւ շարունակել զանգուածային քննութիւնները, վարակուածներու մեկուսացումը եւ բուժումը:
«Համաճարակին երկրորդ ալիքի վտանգը միշտ ներկայ է եւ եթէ մենք ճիշդ ռազմավարութիւն որդեգրենք, պիտի կարենանք կանխել երկրորդ ալիքը։ Ասոր համար շատ կարեւոր է տարածաշրջանային եւ համաշխարհային համերաշխութիւնը», աւելցուց կազմակերոպութիւնը, որ անցնող շաբաթավերջին Չինաստանէն 30 միլիոն տոլարի յաւելեալ աջակցութիւն ստացաւ, որպէսզի կարենայ մեղմացնել ամերիկեան աջակցութիւնը կասեցնելու Սպիտակ տան որոշումին բացասական ազդեցութիւնները։
Աշխարհի տարածքին, «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 3,088,516ի, որուն մէկ երրորդը Միացեալ Նահանգներու մէջ է։ Ապաքինած են 935,321 վարակուածներ եւ մահացած 212,816 ուրիշներ, որոնց մօտաւորապէս 57,000ը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։