ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրք ծովակալ Ճեմ Կիւրտենիզ քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ ընդդիմութեան ունեցած դիրքորոշումը:
Ըստ Կիւրտենիզի` բոլորը սկսած են հեռանալ Թուրքիոյ հիմնադիր նախագահ Քեմալ Աթաթիւրքի սկզբունքներէն, եւ կը կարծէ, թէ հաւանական է, որ նոյնիսկ Աթաթիւրքի հիմնած կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան որոշ գործիչներ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ճեմ Կիւրտենիզ կը կարծէ, որ Աթաթիւրքի հիմնած կուսակցութիւնը սկսած է մտածել «կայսերական» երկիրներու նման, ուստի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ կուսակցութեան ունեցած դիրքորոշումը, ըստ ծովակալին, խիստ մտահոգիչ դարձած է: