ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ 4․8 ՏՈԿՈՍԻ ՆԱՀԱՆՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- «Քորոնա» ժահրով մահացած ամերիկացիներու թիւը 29 Ապրիլին սկսաւ մօտենալ 60,000ի՝ գերազանցելով Վիէթնամի պատերազմին ընթացքին սպաննուած ամերիկացիներուն թիւը, որ մօտաւորապէս 58,000 էր եւ 20 տարիներու ընթացքին կուտակուած։
Միացեալ Նահանգներու մէջ ժահրէն վարակուածներու թիւը անցաւ մէկ միլիոնի սահմանը, մինչ նահանգները ուշադիր քայլերով կը պատրաստուին աստիճանաբար բնականոն կեանքի վերադառնալու։
Տնտեսական գետնի վրայ, 29 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ այս տարուան առաջին եռամսեակին, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը 4․8 առ հարիւրով նահանջած է, ինչ որ մեծագոյն նահանջն է 2008էն ի վեր։
29 Ապրիլի դրութեամբ՝ աշխարհի տարածքին, վարակուածներուն թիւը սկսաւ մօտեանալ 3.2 միլիոնի, իսկ մահացածներուն թիւը անցաւ 220,000ի սահմանը։ Ապաքինած են մօտաւորապէս մէկ միլիոն վարակուածներ։
Իտալիոյ մէջ համաճարակին զոհերուն թիւը հասաւ 27,682ի, իսկ Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յաջորդաբար՝ 26,097ի, 24,275ի եւ 23,660ի:
Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Իրանի, Պրազիլի եւ Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը հասաւ յաջորդաբար՝ 7501ի, 6374ի, 5957ի, 5083ի եւ 3081ի։