«Խօսք Առ» մրցանակը աշխարհասփիւռ հայախօսներուն առիթը կ՛ընծայէ հայերէնով արծարծելու այն հիմնահարցերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մարդկութիւնը այսօր։
Պսակաձեւ ժահրը կը ստիպէ, որ միլիոնաւոր հայեր մեկուսանան։ Այս պայմաններուն մէջ, համացանցը եւ զանազան ընկերային առցանց հարթակներ հաղորդակցութեան ազդեցիկ միջոցներ դարձած են։ Շատեր կը դիմեն այս ձեւերուն՝ ստեղծելով արտայայտչական նոր մշակոյթ մը։ Այս շրջարկին մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը կը յայտարարէ լսատեսողական եւ գրական արտադրութեան մրցանակ մը՝ «Խօսք Առ», հրաւիրելով բոլորը ստեղծելու նիւթեր, որոնք կ՛անդրադառնան աշխարհին վերաբերող հիմնահարցերու, ինչպէս նաեւ կը միտին հասարակութիւնը իրազեկելու եւ քաջալերելու, որ այս նիւթերուն մասին արտայայտուին ու լուծումներու շուրջ մտածեն:
«Պէտք է խօսիլ մարդկութեան վերաբերող ժամանակակից հիմնահարցերու մասին, որոնք անյապաղ կ՛անդրադառնան նաեւ աշխարհասփիւռ հայերուն վրայ. օրինակ՝ կենսոլորտի աղէտը, գաղթականներու ճգնաժամը, յարատեւ պատերազմները, համայնքային մարտահրաւէրները եւ այլն։ Այս մրցանակով կը հետապնդենք երկու նպատակ. նախ՝ քաջալերել, որ իբրեւ համայնք՝ խօսուի մարդկութեան դիմակայած դժուարութիւններուն մասին, ապա խթանել, որ այս քննարկումները տեղի ունենան հայերէնով, եւ զանազան միջոցներով», կ՛ըսէ Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։
Եթէ կ՛ուզէք աշխարհին դիմել հայերէնով՝ անդրադառնալու համար հիմնահարցի մը, ասիկա լաւագոյն առիթն է. կը հրաւիրենք ձեզ՝ ներկայացնելու լսողական, տեսողական, գրաւոր կամ գծանկարչական նիւթեր։
Մրցանակակիրները պիտի ստանան 500 տոլար արժողութեամբ պարգեւ մը։ Պիտի յատկացուին 50 մրցանակներ։
Դիմումները եւ հարցումները պէտք է ուղղուին ArmCurrentIssuesPrize@gulbenkian.pt հասցէին, մինչեւ 8 Յունիս։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։
«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ