ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 28 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 59 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին, արձանագրուեցան վարակման 597 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 20,976 վարակումներ եւ 1000 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ եւ անցան 133,000ի սահմանը։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են առաւել քան 46,482 վարակումներ եւ մօտաւորապէս 1873 մահեր։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները կոչ ըրին ներկայ պայմաններուն պատճառով բազմացած ընտանեկան բռնութիւններու զոհերուն, որ օգնութիւն ստանալու համար դիմեն (800) 978-3600 թիւին կամ այցելեն 211la.org/domestic-violence կայքէջը:
Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութեան համաձայն՝ ընտանեկան բռնութիւններու ծառայութեան օգնութեան դիմումները 8․11 տոկոսով աճած են անցեալ տարուան տուեալներուն հետ բաղդատած։
Նաեւ, Լոս Անճելըս գաւառի Անասուններու խնամքի վարչութիւնը որոշած է որդեգրման սակեր չգանձել իր խնամքին տակ գտնուող անասունները որդեգրել փափաքողներէն եւ այդ նպատակին համար «Փեթօ» հաստատութիւնը 80,000 տոլար նուիրած է գաւառին։
Հետաքրքրուողները կրնան այցելել www.animalcare.lacounty.gov կայքը։