ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ «Ադեկուադ» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Արթուր Դանիէլեանի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպին պատճառով ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցան 3 անձեր, որոնց կարգին՝ Արթուր Դանիէլեան: Այնուհետեւ Արթուր Դանիէլեան ոստիկանութեան բաժինէն տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց։ Կը կատարուի հետաքննութիւն։