«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՌԻԹՆԵՐ
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, որ խստօրէն քննադատած էր անցնող շաբաթավերջին Օրենճ Քաունթիի ծովափները խճողելով՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը զսպելու ջանքերը վտանգած հազարաւոր քաղաքացիները, Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ այդ օրուընէ սկսեալ փակուած կը յայտարարէ Օրենճ Քաունթիի ծովափերը, ցնոր տնօրինութիւն։
Նոյն ժամանակ ան յոյս յայտնեց, որ մեկուսացման օրէնքները յարգող քաղաքացիներուն ջանքերով կարելի կ՛ըլլայ աստիճանաբար բնականոն կեանքի վերադառանալ, բնականաբար որոշ սահմանափակումներով, «շաբաթներ եւ ոչ թէ ամիսներ ետք»։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 30 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 55 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին, արձանագրուեցան վարակման 733 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 23,182 վարակումներ եւ 1111 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ եւ անցան 146,000ի սահմանը։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 51,000 վարակումներ եւ 2047 մահեր։
Նաեւ, Լոս Անճելըս գաւառին առողջապահութեան մարմինները ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս քաղաքի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի շեշտեցին ժահրի քննութիւններուն կարեւորութիւնը եւ յայտարարեցին, թէ ներկայիս ժահրի քննութեան 35 կեդրոններ կը գործեն գաւառին տարածքին՝ յիշեցնելով, որ այսուհետեւ բոլորը կրնան ձրիաբար քննուիլ, կանխաւ ժամադրութիւն առնելով lacovidprod.service-now.com/rrs կայքէջին վրայ։
Գաւառին առողջապահութեան մարմինները նաեւ կը շեշտեն, որ ապահովագրութիւն չունեցող քաղաքացիները, որոնք կը կասկածին ժահրով վարակուած ըլլալ, կրնան ձրի խնամք ստանալ՝ դիմելով 211 կամ (844) 744-6452 թիւերուն: Այս վերջին թիւին կրնան դիմել նաեւ կեցութեան արտօնութիւն չստացած գաղթականներ։