3 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ՝ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԻՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, անցնող շաբաթավերջին եւս ցոյցեր տեղի ունեցան Օրենճ Քաունթիի ծովափները փակելու Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի որոշումին դէմ, սակայն նահանգապետը շեշտեց, որ տեղի պիտի չտայ նման ճնշումներու դիմաց եւ իր որոշումները պիտի հիմնէ գիտական տուեալներու վրայ, երաշխաւորելու համար քաղաքացիներուն ապահովութիւնը։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 3 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 21 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին, արձանագրուեցան վարակման 781 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 25,662 վարակումներ եւ 1229 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ եւ կը հասնին գրեթէ 159,000ի։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 54,971 վարակումներ եւ 2215 մահեր։
Նաեւ, Լոս Անճելըս գաւառը որոշեց 3 միլիոն տոլար յատկացնել շրջանին կարիքաւորներուն ուտեստեղէն հասնցելու ջանքերուն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ համաճարակին պատճառած տնտեսական տագնապին պատճառով մօտաւորապէս 2 միլիոն քաղաացիներ դժուարութիւն ունին ուտեստեղէն ճարելու։