ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Անցնող շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու Սնունդի եւ դեղորայքի վարչութիւնը արտօնութիւն տուաւ «Ռեմտեսիվիր» դեղը օգտագործելու «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու համար, նկատի ունենալով, որ փորձարական շրջանին անիկա մօտաւորապէս 30 տոկոսով արագացուցած էր ապաքինման ժամանակը:
Միւս կողմէ, Եւրոպայի մէջ ժահրէն ծանրoրէն տուժած երկիրները կը շարունակեն արձանագրել վարակումներու եւ մահերու նուազում, մինչ կեանքը աստիճանաբար բնականոնի վերադարձնելու ուշադիր քայլեր կ՛առնուին աշխարհի տարածքին, սկսելով Չինաստանէն եւ Եւրոպայէն ու հասնելով Միացեալ Նահանգներու շարք մը նահանգները։
Սակայն, Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Ռուսիոյ մէջ վարակը կը շարունակէ տարածուիլ: Հետաքրքականօրէն, մահերու համեմատութիւնը ցած կը մնայ Ռուսիոյ մէջ։ Արդարեւ, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն մօտաւորապէս 5.7 տոկոսը կը մահանայ, Ռուսիոյ մէջ այդ համեմատութիւնը 1 տոկոսի շուրջ է, մինչ Սպանիոյ մէջ՝ գրեթէ 10 տոկոս։
Աշխարհի տարածքին ցարդ վարակուած են 3․6 միլիոն անձեր, իսկ զոհերու թիւը կը մօտենայ քառորդ միլիոնի։ Ապաքինած են մօտաւորապէս 1.2 միլիոն վարակուածներ։
Ամերիկայի մէջ կան գրեթէ 1․2 միլիոն վարակուածներ եւ մահացած են մօտաւորապէս 69,000 անձեր։ Համաճարակին կիզակէտը հանդիսացող Նիւ Եորքի մէջ եւս վարակումներու եւ մահերու թիւը կը նուազի. Կիրակի օր 226 անձեր մահացան։