ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄը մեկնարկած է «AGBU LA Cares» նախաձեռնութիւնը՝ նպատակ ունենալով օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին հիմնական ուտեստեղէնի՝ COVID-19 համաճարակէն բխող նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։
Խորհրդանշական քայլով մը, նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը, Ապրիլ 24ին ՀԲԸՄը մեկնարկը տուաւ «AGBU LA Cares» նախաձեռնութեան՝ հրաւիրելով կարիքաւորները արձանագրուելու agbugiving.org/LAcares/ կայքին վրայ: Առաւել քան 100 ծրարներ ապահովուեցան նուազ քան 48 ժամերու ընթացքին։ Յանձնումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄի Քանոկա Փարքի դպրոցէն, ինչպէս նաեւ Փասատինայի դպրոցէն ու կեդրոնէն, ուր կամաւորներ համապատասխան դիմակներով եւ ձեռնոցներով, տուփերը եւ ջուրը ուղղակիօրէն կը զետեղէին մօտեցող ինքնաշարժներուն արկղերուն մէջ։
Հաւատարիմ մնալով ընկերային հեռաւորութիւնը պահելու ցուցմունքներուն՝ ՀԲԸՄը եւ համայնքի անդամներ ջուրի եւ ուտելիքի առաջին խմբաքանակը պատրաստած էին բոլոր անոնց համար, որոնք կարիքը ունին դժուար այս օրերուն։
Կամաւորները աջակցեցան՝ օգնելով ծրարելու, բաժնելու եւ դրամահաւաքի աշխատանքներուն, իսկ Լեւոն Քէշիշեան կը համակարգէր գնումներու գործունէութիւնը։
ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ եւ «AGBU LA Cares» նախաձեռնութեան հոգին՝ Երուանդ Տէմիրճեան այս առիթով ըսաւ. «Արտակարգ այս ժամանակներուն, մենք աւելի շատ կը մտածենք մեր մեծ ընտանիքին մասին։ Որպէս հայեր եւ լոսանճելըսցիներ՝ մենք մեզ աւելի մօտիկ կը զգանք որպէս համայնք»։
ՀԲԸՄը պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ օգնելու անոնց, որոնք ամէնէն շատ կարիքը ունին։ Բաշխումը պիտի շարունակուի Մայիս ամսուան ընթացքին։ Եթէ դուք կամ ձեզի ծանօթ այլ անձնաւորութիւն մը կը ճանչնաք Լոս Անճելըսի մէջ, որ կարիքը ունի օժանդակութեան, կը խնդրենք, որ այցելէք agbu.org/Lacares կայքէջը եւ ապահովէք ծրար մը։
https://www.agbugiving.org/LAcares/
Յարգելիներս
Վարձքերնիդ միշտ կատար
Երբ պիտի հրապարակէի յօդուածը դիմատետրի վրայ ( ֆէսպուք) , ուզեցի ստուգել նշուած agbugiving.org/LAcares/ ,
quote
Եթէ դուք կամ ձեզի ծանօթ այլ անձնաւորութիւն մը կը ճանչնաք Լոս Անճելըսի մէջ, որ կարիքը ունի օժանդակութեան, կը խնդրենք, որ այցելէք agbu.org/Lacares կայքէջը եւ ապահովէք ծրար մը։
Unquote
եւ այսպէս ցոյց տուաւ «AGBU.ORG Nothing found for Lacares »
Ուստի, պիտի խնդրէի , որ տեղադրէք https://www.agbugiving.org/LAcares/ յղում:
Շնորհակալ եմ: