ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ․- Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կարճ տեսագրութեամբ մը լիբանանահայութեան զօրակցական իր խօսքը ուղղեց՝ նկատի ունենալով այնտեղ ընթացող քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած հետեւանքները։
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաջնորդ սրբազանին պատգամը.
«Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն կ’ողջունեմ ձեզ՝ լիբանանահայ քոյրեր եւ եղբայրներ՝ աղօթելով, յուսալով եւ մաղթելով, որ այս դժուար օրերը շուտով կ՛անցնին։ Կարծէք Լիբանանի վերջին շրջանի քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամային տագնապները բաւարար չէին, դժբախտաբար «Քորանա» ժահրի համաճարակը եկաւ առաւել եւս դժուարացնելու ձեր կեանքը։ Ես կը հետեւիմ ամէնօրեայ ձեր կեանքին, թէ ինչպէ՛ս իրերօգնութեամբ կը փորձէք այս դժուար ժամանակաշրջանը յաղթահարել։
«Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան մեր թեմը ինչպէս անցեալին այսօ՛ր եւս իր սրտակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնէ ձեզի։ Լիբանանահայ գաղութը՝ իբրեւ սփիւռքահայութեան բազկերակը պիտի վերականգնի եւ կանգո՛ւն է արդէն ու պիտի շարունակէ իր առաջնորդող դերակատարութիւնը ունենալ։ Կը մաղթեմ եւ կ՛աղօթեմ, որ այս դժուար, տագնապալից օրերը անցնին եւ դուք վերանորոգ հաւատքով, յարատեւութեամբ ու համբերատարութեամբ կարենաք բնականոն կեանքի վերադառնալ։
Աստուած օրհնէ ձեզ եւ պահապան ըլլայ բոլորիդ»։