ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի որդին՝ Գուրգէն Խաչատրեան, որ «Եուքոմ» (Ucom) ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահն է եւ կը մեղադրուի առանձնապէս մեծ չափի դրամի լուացման եւ կաշառքի արարքի մը օժանդակելուն մէջ, փախուստ տուած է քննութեան ենթարկուելէ: Անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզութիւն: Այս մասին կը յայտնէ ԱԱԾ մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը նշուի, որ Խաչատրեան, պատշաճ կերպով տեղեակ ըլլալով վարոյթ իրականացնող մարմինին ներկայանալու անհրաժեշտութեան մասին, խախտելով կիրարկուած խափանման միջոցը՝ չհեռանալու մասին ստորագրութեան պայմանները, նախաքննական մարմին չէ ներկայացած քննութեան եւ թաքնուած է։ Անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզութիւն, իսկ իբրեւ խափանման միջոց դատարանին կողմէ ընտրուած է բանտարկութիւնը։