ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 4 Մայիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն թիւը հասած է 2507ի, որոնցմէ 1071ը առողջացած է, իսկ 39ը` մահացած: «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է առողջապահութեան նախարարի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան։
Ներկայիս բուժուողներուն թիւը 1393 է, իսկ կատարուած քննութիւններուն թիւը՝ 24,942:
Ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Արման Ուդումեան յայտնեց, որ համաճարակին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին, ըստ նախնական տուեալներու, գործազրկութիւնը 1.3 տոկոսով պիտի աւելնայ՝ 17.7 տոկոսէն հասնելով 19 տոկոսի։
«Եթէ վերածենք թուերի, ապա յաւելեալ 40 հազար գործազուրկ: Այն ոլորտները, որտեղ գործազրկութիւնը զգալի կը լինի, հետեւեալն են` սպասարկման, հանրային սննդի ծառայութիւններ, մի փոքր չափով կը տուժի նաեւ շինարարութիւնը: Սեզոնային աշխատողների այն բանակը, որոնք գնում են ՌԴ, մի քանի ամիս հաւանաբար կը համալրեն մեր գործազուրկների քանակը: Այս առումով տարբեր մարտավարական քայլեր պէտք է ձեռնարկուեն, որպէսզի տարբեր շահառու խմբերի համար ունենանք հասցէական ծրագրեր», յայտնեց փոխնախարարը։
Ըստ անոր՝ համաճարակով պայմանաւորուած այս փուլին զբաղուածութիւնը իր տեղը զիջած է ընկերային աջակցութեան։
«Նախորդ շաբաթ աշխատանքային օրէնսգրքում փոփոխութիւններ ընդունուեցին, որոնք որոշակի խաղի կանոններ սահմանեցին գործատուների համար, որպէսզի խուսափենք աշխատատեղեր կորցնելուց», յայտնեց Ուդումեան: