ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի մէջ, 5 Մայիսին, ականի մը պայթումէն զինուոր մը զոհուեցաւ։ Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ պայմանագրային զինուոր, 1988ի ծնունդ Տարօն Ռուբիկի Պօղոսեան ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ կարելի չեղաւ փրկել անոր կեանքը։ Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.