ԳԱՒԱՌԻՆ ՄԷՋ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 1500Ի ՍԱՀՄԱՆԸ ԱՆՑԱՒ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները, գործակցութեամբ դաշնակցային իշխանութիւններուն հետ՝ նախաձերնած են կարիքաւոր տարեցներու ճաշարաններէ ուտեստեղէն ապահովելու ծրագիրի մը, որմէ պիտի օգտուին ոչ միայն տարեցները, այլ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած նահանգին ճաշարանները։
Նաեւ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 9 Մայիսին հաղորդեցին, թէ 65 տարիքը բոլորած տարեցներուն օրական երեք անգամ ճաշ պիտի տրամադրուի ճաշարաններէն (ծրագիրը պիտի իրականացուի գաւառներու իշխանութիւններուն կողմէ։ Ծրագիրէն կրնան օգտուիլ նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած եւ 60 տարիքը բոլորած տարեցները։ Նաեւ, պայման է, որ ուտեսղտեղէն ստացոնղերը ունենան տարեկան 74,940 տոլարէն նուազ եկամուտ, իսկ զոյգի մը պարագային՝տարեկան 101,460 տոլարէն նուազ։ Դիմումներ կարելի է կատարել՝ հեռաձայնելով 211 թիւին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրելի են՝ https://wdacs.lacounty.gov/greatplates/?utm_content=&utm_medium=email&utm_name=&utm_source=govdelivery&utm_term= կայքէջին վրայ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 10 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին տարածքին մահացած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 18 քաղաքացիներ եւս։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ, արձանագրուեցան վարակման 484 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 31,677 վարակումներ եւ 1530 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ, անցնելով 245,000ի սահմանը։
Քալիֆորնիոյ մէջ վարակուած են մօտաւորապէս 68,000 անձեր եւ մահացած՝ 2717 վարակուածներ։