ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Մայիսին ստորագրեց հրամանագիր մը Արցախի Հանրապետութեան մէջ 12 Ապրիլին յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 12 Ապրիլի հրամանագիրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու վերաբերեալ:
Նկատի ունենալով այն, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով յառաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին եւ առողջութեան ու կրնայ պատճառ դառնալ անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման` Արցախի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը պիտի երկարաձգուի 30 օրով` մինչեւ 11 Յունիս 2020:
Ներկայ դրութեամբ՝ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 14 է։