Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ճիշդ չէ մտածել, թէ Սփիւռքի բոլոր պատասխանատուները համաձայն են Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան հետ:
Ան նման դիտարկում կատարեց՝ անդրադառնալով «Ազատութիւն» կայանի հրապարակման, որով լրատուամիջոցը կը մէջբերէր «Nouvelles d’Arménie» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի յօդուածը եւ «Նոր Յառաջ»ի առցանց թիւին մէջ հրատարակուած «Հայկական վերածնունդ» սփիւռքեան կազմակերպութեան բաց նամակը եւ այն վերագրումը, որ սփիւռքահայ գործիչները կը յորդորեն Նիկոլ Փաշինեանը՝ շարունակել բարեփոխումները:
«Սփիւռքը բազմազան է, եւ այդ տարբերութիւնները կը կազմեն մեր հարստութիւնը: Պէտք է յարգել տեսակէտներու տարբերութիւնը: Ժողովրդավարութեան հիմքը կը հանդիսանան բանավէճը եւ կարծիքներու բազմազանութիւնը», ըսաւ ան՝ կրկին շեշտելով, որ, ըստ այդմ, ճիշդ չէ, որ Սփիւռքի բոլոր գործիչները համաձայն են Փաշինեանի քաղաքականութեան հետ:
Ըստ Մուրատ Փափազեանի՝ իրենք նաեւ պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի մէջ շիկացած մթնոլորտի մեղմացման: «Ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապեց վարչապետին եւ իշխանութեան հետ, որոնք հիմա մեծ պատասխանատուութիւն ունին իրականացնելու այդ սպասումները եւ երկիրը առաջնորդելու դէպի ուժեղ ապագայ», շեշտեց ան՝ դիտել տալով, որ Հայաստան շրջապատուած է թշնամիներով, ուրոմն այստեղ պարտաւոր են ներքին միասնականութիւն ունենալ:
«Ասիկա վարչապետին ներքին պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Վարչապետը յաճախ կը յիշատակէ Նելսոն Մանտելան: Յիշեցնենք, որ Մանտելան պատասխանատուութիւն ունեցաւ համախմբելու բոլոր ուժերը՝ համախոհ թէ ընդդիմադիր: Ան երբեք «վհուկներու որսով» չզբաղեցաւ: Նոյնիսկ զինք 28 տարի բանտարկածները համախմբեց, որովհետեւ լաւ գիտէր, որ միայն ներքին միասնականութիւնը կրնայ հասունցնել, զօրացնել իր երկիրը եւ ապահովել իր ժողովուրդին արժանավայել ապագան»:
Մուրատ Փափազեան նշեց, որ իրենք կը տեսնեն, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը հանգիստ չէ, ժողովուրդը բաժնուած է: Այս պարունակին մէջ, ան մատնանշեց այս օրերուն խորհրդարանին մէջ Էդմոն Մարուքեանի եւ Սասուն Միքայէլեանի միջեւ պատահած միջադէպը: «Ասիկա օրինակ է, որ այս լարուած մթնոլորտը Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ճիշդ տեղ չի տանիր», յայտնեց ան:
Փափազեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին միաձայնութիւնը եւ միասնականութիւնը կարելի է ապահովել, եթէ յարգուի բազմակարծութիւնը: «Եթէ վարչապետը, կառավարութիւնը կ՛ուզեն բոլորը համախմբել իրենց շուրջ, պէտք է ազգային միասնականութիւն ստեղծեն, որովհետեւ այսօր ատոր լուրջ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն կայ: Այո՛, Սփիւռքի մէջ կան կառավարութեան քաղաքականութեան աջակցողներ, բայց կան նաեւ զայն քննադատողներ: Պէտք է նկատի առնել, որ Սփիւռքը անկախ մարմին է, կապուած չէ Հայաստանի հետ: Տեսանք, թէ ի՛նչ եղաւ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, տեսանք, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ինչ կը փորձէր ընել: Մենք դիմադրեցինք: Սփիւռքը անկախ էութիւն է, պէտք է անկախ ըլլայ, եւ պէտք չէ տկարացնել Սփիւռքը: Եթէ փորձ կատարուի բաժնել Սփիւռքը, անիկա անխուսափելիօրէն պիտի տկարանայ, իսկ Սփիւռքը Հայաստանի համար անփոխարինելի միջոց ու աղբիւր է: Թէ՛ հայապահպանման, թէ՛ Հայ Դատի պաշտպանութեան գործին մէջ Սփիւռքը անպաշտօն դիւանագիտութիւն կը վարէ: Սփիւռքը յառաջ կը տանի Արցախի՝ միջազգային ատեաններուն մէջ ճանաչման գործընթացը: Այնպէս որ, մի՛ տկարացնէք Սփիւռքը եւ մի՛ փորձէք Սփիւռքը ծառայեցնել այլ նպատակներու», շեշտեց Մուրատ Փափազեան: