ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, որ իրենց ուժերը Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող Խաքուրք լերան շրջանին մէջ գործողութիւն մը կատարելով ՝սպաննած են 8 թուրք զինուորներ:
Թրքական բանակը իր զինուորները ուղղաթիռներով փոխադրած է շրջանէն, որմէ ետք ռմբակոծած է շրջանը:
Քրտական ուժերը նաեւ յայտնեցին, որ Զապի շրջանին մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարք մը վար առած են: