
ԺԸՆԵՒ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան բանբեր Մարկրիթ Հերիս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաները «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նոր կեդրոն դարձած են:
«Երկու Ամերիկաներուն մէջ ալ վարակուածներուն թիւը կը շարունակէ աւելնալ», նշեց ան՝ յիշեցնելով, որ աշխարհի տարածքին ցարդ «Քորոնա» ժահրի վարակման պարագաներու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հոն մահացած են առաւել քան 83,700 վարակուածներ։
Իր կարգին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ հակառակ նուազ սահմանափակումներով «համաճարակային նոր փուլ» մուտք գործելուն` երկրին բնակիչները պէտք է «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար հետեւին «հիմնական պահանջներուն»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է եւ այժմ դարմանումի կ՛ենթարկուի: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ «Քորոնա»-ով վարակուած են վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին, երկու նախարարներ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պաշտօնատարներ եւ խորհրդարանականներ: Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը 242,271ի հասած է եւ մահացած են 2212 անձեր։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակի օճախ նկատուող Չինաստանի Հուպէյ նահանգի Ուհան քաղաքի ժահրի դէմ պայքարի շտապը թելադրած է տասը օրուան ընթացքին քաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը «Քորոնա» ժահրի գոյութիւնը ստուգող քննութեան ենթարկել. որոշումը տրուած է քաղաքին մէջ վարակման նոր պարագաներու բացայայտումէն ետք:
Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին դարձեալ բարձրանալուն պատճառով, կառավարութիւնը որոշեց 4 օրով փակել երկիրը եւ բազմացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները` ամբողջ երկրին տարածքին: Կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին որոշեց Չորեքշաբթի գիշերուընէ մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտ, երկիրը լրիւ փակել, արգիլելու համար յառաջիկայ օրերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը:
Թուրքիոյ մէջ, 16էն 19 Մայիս, մեկուսացումի արտակարգ դրութիւն պիտի հաստատուի եւ պիտի արգիլուի տունէն դուրս գալը:
Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ ամբողջ աշխարհի վրայ ժահրով վարակուած են մօտաւորապէս 4․4 միլիոն անձեր, իսկ մահացածներուն թիւը կը մօտենայ 295,000ի: «Քորոնա» ժահրէն ապաքինածներուն թիւը հասած է 1.63 միլիոնի:
Վարակուածներու թիւով առաջին դիրքին վրայ է Միացեալ Նահանգները (1,411,339): Անոր կը յաջորդեն Սպանիան (271,095), Ռուսիան (242,271), Բրիտանիան (229,705), Իտալիան (221,216), Պրազիլը (179,457) Ֆրանսան (178,225), Գերմանիան (173,546), Թուրքիան (141,475) եւ Իրանը (112,725):
Թուրքիոյ մէջ ցարդ մահացած են մօտաւորապէս 3900 անձեր։ Պետական տուեալներու համաձայն՝ մահացած են են նաեւ երկրէն դուրս ապրող 507 թուրքեր։