ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը 13 Մայիսին յայտարարեց, որ ընթացքի մէջ է «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն վնաս կրած վարձակալներուն ամսական 1000 տոլարի աջակցութիւն տրամադրող ծրագիրը։
Դիմումները պէտք է կատարուին ամէնաուշը մինչեւ 31 Մայիս։
Յաւելալ տեղեկութիւններու կամ դիմումներու համար հեռաձայնել 211 թիւին կամ այցելել 211la.org/covid-rental-help կայքէջը։