ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ԳԱՒԱՌԸ ԿՐՆԱՅ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԸ
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ․Պի․Սի․»․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 12 Մայիսին յայտարարեց, որ շարք մը պայմաններ ամբողջացնելէ ետք, նահանգին տարածքին ճաշարանները պիտի կարենան ընդունիլ ճաշարանին մէջ ընթրել փափաքող յաճախորդներ, ինչպէս նաեւ նշեց, որ մեծ շուկաներու խանութները եւս պիտի կարենան իրենց խանութներուն մուտքին առեւտուր կատարել, ինչպէս անցեալ շաբաթ սկսած էին կատարել նուազ վտանգ ներկայացնող խանութները։
Նահանգապետը նաեւ յայտնեց, որ այն աշխատաւորները, որոնք կարողութիւնը չունին տունէն աշխատելու, արտօնութիւն պիտի ստանան իրենց գրասնեակները վերադառնալու, դարձեալ յարգելով հեռաւորութիւն պահպանելու օրէնքները։
Ան յիշեցուց, որ նահանգին տարբեր գաւառներուն մէջ, տեղական մարմինները կրնան աւելի արագ կամ դանդաղ ընթանալու ծրագիրներ ներկայացնել քննարկումի համար՝ ընդծելով, որ ցանցառ բնակչութիւն ունեցող Պիութ եւ Էլ Տորատօ գաւառները արդէն իսկ բաւարարած են նահագնին սահմանած շարք մը պայմանները, կեանքը բնականոնի վերադարձնելու ճամբուն վրայ։
Ան ընդունեց, որ աւելի խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ մեղմացումը կրնայ աւելի դանդաղ ընթանալ։
Հաստատելով այս հաւանականութիւնը, Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահական մարմիները յայտաատեցին, որ մեկուսացման պայմանները կրնան երեք ամիսով երկարաձգուիլ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 12 Մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 45 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուեցան վարակման 961 նոր պարագաներ։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 33,180 վարակումներ եւ 1,613 մահեր, որոնց 92 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւնները կը շարունակեն բազմանալ, հասնելով 253,000ի։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 71,046 վարակումներ եւ 2882 մահեր։
Վերջապէս, Քալիֆորնիոյ, Օրիկընի, Ուաշիկթընի, Նեւատայի եւ Քոլորատոյի նահանգապետները միաձայնութեամբ կոչ ըրին Քոնկրեսին, որ համաճարակէն վնասներ կրած քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով քննուող նոր բանաձեւին մէջ մէկ եռիլիոն աջակցութիւն նկատի առնուի նահանգային եւ տեղական իշխանութիւններուն, կենսական ծրագիրներու շարունակակութիւնը ապահովելու համար։