ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ Օ՛Ֆերըլ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն աջակցելու շարք մը քայլերու դիմած է։
Յատկապէս իր՝ 13րդ ընտրատարածքի փոքրածաւալ գործառնութիւններուն նեցուկ կանգնելու համար, ան առաջարկած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին, որ մէկ միլիոն տոլար յատկացնէ 26 պաշտօնեաներէ նուազ աշխատակազմ ունեցող գործարարներուն նպաստներ տրամադրելու համար։ Նշենք, որ Փոքրիկ Հայաստանը կը գտնուի 13րդ ընտրատարածքին մէջ։
Վարձակալներու համար, ան առաջարկած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին, որ մէկ միլիոն տոլար յատկացնէ յատուկ ծրագիրի մը, որ պիտր աջակցի համաճարակին հետեւանքով իրենց բնակարանային վարձքերը վճարել չկրցող վարձակալներուն։
Նաեւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Միչ Օ՛Ֆերըլի այն առաջարկը, որ Քոնկրեսին կոչ կ՛ընէ համաճարակէն վնասներ կրած քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով քննուող նոր բանաձեւին մէջ յատուկ աջակցութիւն ապահովել բնակարաններու վարձակալներուն եւ իրենց գնած բնակարաններուն պարտքը վճարող քաղաքացիներուն։