ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 14 Մայիսին կառավարութիւնը վաւերացուց երեխայ ունեցող ընտանիքներու բնակարանային ապահովութեան 2020-2023ի ծրագիրը։
Բաղադրիչներէն մէկուն համաձայն՝ միանուագ օգնութիւն պիտի տրամադրուի մարզերուն մէջ բնակարան ձեռք բերող երեխայի ծնողներուն՝ մարզային բնակավայրերուն մէջ ձեռք բերուած գոյքի կանխավճարի ֆինանսաւորման տեսքով, երկրորդ բաղադրիչը կանխավճարի ապահովագրութեան համար դրամական աջակցութիւնն է, երրորդը երեխայի ծնունդով պայմանաւորուած՝ հիփոթեքային (գրաւ՝ անշարժ կալուածի վրայ) վարկի մարման աջակցութիւնն է։
Կառավարութիւնը կը ֆինանսաւորէ կանխավճարի 50 տոկոսը, իսկ մարզերուն մէջ այս ծրագիրի ծիրին մէջ ձեռք բերուող անշարժ գոյքի պարագայի կանխավճարի կարիք ընդհանրապէս կրնայ չըլլալ․ պետութիւնը պիտի ստանձնէ ապահովագրութեան վճարումը։
1 Յուլիսէն սկսեալ, ընտանիքին մէջ երեխայի ծնունդի պարագային, պետութիւնը նաեւ միանգամայն կը մարէ անշարժ գոյքի արժէքին՝ մարզերուն մէջ 10 տոկոսի, իսկ Երեւանի մէջ 5 տոկոսի չափով։
«Այս ծրագիրը փորձում է լուծել տարբեր ընտանիքներում երեխայ չունենալու հիմնական պատճառներից մէկը՝ բնակարանային խնդիրը։ Սա ունիվերսալ (համընդհանուր-Խմբ.) ծրագիր է, ու մենք այն դիտարկում ենք մէկ նպատակային ծրագիր երեխայ ունեցող ընտանիքների համար», իր խօսքին մէջ յայտնեց փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։
Ծրագիրին համար այս տարի նախատեսուած է աւելի քան 526 միլիոն դրամ։