ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն մեծապէս վնասուած նահանգին տնտեսութիւնը վերականգնելու նպատակով, աշխատանքային յատուկ խմբակ մը ներկայացուցած է ծրագիր մը։
Ամիջական տագնապը լուծելու համար գլխաւորաբար նահագին պահ դրած գումարները եւ դաշնակցային նպաստները գործածող այս ծրագիրը նաեւ կ՛առաջադրէ յառաջիկայ տարիներուն նահագային ամավարկին հաւասարակշռութիւնը։
Փորթանթինօ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբին ատենապետն է, մաս կը կազմէ աշխատանքային յատուկ խմբակին։
Ծրագիրին առաջին մասը կը վերաբերի վարձակալներու, անոնց բնակարաններու սեփականատէրներուն եւ նահագային իշխանութիւններուն միջեւ համաձայնութեան մը, որ առիթ պիտի ընծայէ վարձակալներուն, որ ժամանակաւորապէս դադրեցնեն վարձքերու վճարումները, առանց արտաքսուելու մտավախութեան եւ չվճարուած վարձքերը նահանգին վճարել, առանց տոկոսի, 10 տարիներու ընթացքին, 2024էն սկսեալ։ Սեփականատէրներուն պիտի շնորհուի նահագային տուրքերու ներում, իրենց ստանալիք վարձքերուն չափով, որմէ անոնք պիտի օգտուին 2024էն 2033ի միջեւ։
Երկրորդ առաջարկը պիտի հաստատէ 25 միլիառ տոլարնոց՝ Տնտեսութեան վերականգնման հիմնադրամ մը, որ պիտի տրամադրուի գլխաւորաբար աշխատաքի նոր կարելիութիւններու ստեղծումին եւ շարք մը սպասարկութիւններու եւ փոքրածաւալ գործառնութիւններու եւ աշխաաւորներու աջակցութիւններու ծրագիրներու։