ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Պոլսոյ մէջ, 19 Յունուար 2007ին, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ կրնայ 9 ամիսէն ազատ արձակուիլ:
Ազգայնամոլ Սամասթ նախ դատապարտուած էր 22 տարի 10 ամսուան բանտարկութեան, սակայն, նկատի ունենալով այն պարագան, որ ոճիրին ընթացքին անչափահաս էր, պատիժը մեղմացուած էր իջնելով 15 տարի եւ 2 ամսուան բանտարկութեան:
Սամասթ բանտարկուած կը մնայ գրեթէ 13․5 տարիէ ի վեր, սակայն պայմանականօրէն կանուխ ազատ արձակուելու իրաւունքով. կը նախատեսուի, որ ան 9 ամիսէն ազատ արձակուի: