ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 15 Մայիսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 4044 պարագաներ, որոնցմէ 1666 ապաքինած են արդէն։
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքը։
Ներկայ դրութեամբ՝ ժահրէն բուժուողներուն թիւը 2304 է: Ընդհանուր առմամբ կատարուած են 37,476 քննութիւններ: Այսպիսով` կան հաստատուած 184 նոր պարագաներ եւ 94 ապաքինածներ:
Ընդհանուր առմամբ այս ժահրէն մահացածներուն թիւը հասաւ 52ի՝ 3 պարագայով աւելնալով։