ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն՝ Հայաստանի մէջ 19 Մայիսին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 218 նոր պարագաներ՝ ընդհանուր թիւը հասցնելով 5041ի, իսկ մահերը աւելցան են երեքով եւ հասած 64ի։
Հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցաւ 145ով եւ հասաւ 2 հազար 164ի:
Նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնին համաձայն՝ կատարուած քննութիւններուն ընդհանուր թիւը 43 հազար 41 է: Ներկայիս Հայաստանի մէջ ապաքինման փուլի մէջ են 2 հազար 788 անձեր:
Մինչ այդ, Հայաստանի Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց բաց տարածքներու մէջ քաղաքացիներու մօտ դիմակի առկայութեան պահանջի խախտման համար սահմանել 10 հազար դրամ տուգանք։ 25 Մայիսէն դիմակ կրելը պարտադիր պիտի ըլլայ բոլոր փակ տարածքներուն մէջ։
Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Վահէ Դանիէլեան յայտնեց, որ սպասարկման այն փակ տարածքներուն մէջ, ուր քաղաքացիները դիմակ չեն կրեր, պիտի տուգանուին տնտեսավարողները:
Արցախի մէջ պարէտի մամուլին հետ կապի պատասխանատու Սամուէլ Բալայեան յայտնեց, որ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած յաւելեալ մէկ պարագայ արձանագրուած է։ Այսպիսով, Արցախի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 29ի, որոնցմէ 8ը արդէն ապաքինած են, մեկուսացման մէջ կը գտնուին 69 քաղաքացիներ եւ կատարուած են 581 քննութիւններ: