ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Կը բացուի՝ մեր լեզուի պահպանութեան ու զարգացման դաշտին վրայ։
«ԲԱՌԱԿԵՐՏՈՒՄ». Այսպէս կը կոչուի այն բաժինը, որ հաստատուեցաւ 5 Մայիս 2020ին՝ Հայերէն blog կայքին վրայ։ Զայն կարելի է այցելել հետեւեալ ել-կապի միջոցաւ՝ https://hayerenblog.wordpress.com ու մտնել Բառակերտում բաժինը։
Նախ երկու խօսք հիւրընկալ այս կայքին մասին։ Կայքը հիմնուած է 8 Ապրիլ 2016ին։ Ինչպէս կը կարդանք իր «Առաջադրութիւններ» ներածականին մէջ՝ իր հիմնուելէն տարի մը ու երկու ամիս ետք, «Հայերէն պլօկը կը հաւատայ ՀԱՅԵՐԷՆին, մանաւանդ անոր անցեալին ու ապագային»։ Այդ հաւատքով ալ ան կը գործէ ահա աւելի քան չորս տարիէ ի վեր, հանդիսանալով «գրադաշտ ու գրագործարան։ Հոն կան գիրականն ու գրականը միաժամանակ, կողք-կողքի, աւելի ճիշդ՝ վրայ-վրայի կամ տակ-տակի, օրական դրութեամբ իրարու յաջորդող։ Գրականութենէն դուրս, անոր սահմաններուն եւ անկէ ներս կը գտնուի Հայերէն պլօկը միաժամանակ, սահմանի հարցը դնելով ու հանելով, ճիշդ աշխարհագրական սահմաններուն յաճախ շարժուն գոյութեան պէս»,– կը յստակացուի նոյն այդ ներածականին մէջ։
Իր չորրորդ տարեդարձին առթիւ, ի շարս այլոց, երբ ինծի ալ առիթ կը տրուեցաւ, որ երկու խօսք ըսեմ, Հայերէն blog-ը կը համարեցի ժամադրավայր մը եւ դիտել տուի թէ «գանձարան մըն է ան, ոչ միայն գրական փորձերու, այլեւ գրականագիտական, մշակութաբանական ու այլ առնչեալ ոլորտներու։ Յաւելեալ միջոցներով ու դասաւորումով կրնայ նոյնիսկ հանրագիտական բնոյթ ստանալ»։
Եւ ահա, իր բազմաթիւ եւ այլազան բաժինները կը հարստանան հիմա այն նոր բացուող պատուհանով, որուն սկիզբը զետեղուած է հետեւեալ խմբագրական խօսքը.
«Ծանօթ է, որ արեւմտահայերէնը հետամուտ եղած է «օտար» եզրերը «հայացնելու» ուղղակի կամ անուղղակի աշխատանքի մը։ Անշուշտ լեզուագիտական ուսումնասիրութեան առարկայ է եզրերու մէջ օտարին ու հայկականին սահմանումի հարցը։ Տարիներու ընթացքին փոխառութիւններ ու փոխադրութիւններ, թարգմանութիւններ ու հայացումներ կատարուած են եւ կը կատարուին։ Մեր ուշադրութեան արդիւնքը եղած է այն, որ արեւմտահայերէնը յաճախ հայացման առաջարկներ կատարած է։
ԲԱՌԱԿԵՐՏՈՒՄ բաժինով կը սկսինք հաւաքել նման առաջարկներ, որոնք այստեղ դասակարգուելէ ետք կրնան ուսումնասիրութեան, քննարկման առարկայ դառնալ ու ի հարկին շրջանառութեան մէջ ալ մտնել։
Կը հրաւիրենք նման առաջարկներ ունեցող ընթերցողները, որ իրենք ալ իրենց առաջարկները ղրկեն մեզի»։
Այդ հրաւէրէն առաջին օգտուողը ըլլալով՝ համեստաբար այնտեղ ներկացացուցի տարիներու ընթացքին իմ ալ յօրինած կամ հնարած բառերէս առաջին ցանկը՝ քաջ գիտնալով, որ վերջին հաշուով անոնք՝ այդ նորաբանութիւնները, առաջարկներ են միայն, կրնան իմ գրութիւններէս դուրս անգամ մը եւս երբեք չգործածուիլ։ Իսկ ի՞նչ արժէք կ՚ունենան բառերը, եթէ մնան մէկ գրողի սեփականութիւնը…
Ներկայացուած բառացանկին մէջ կրնան ըլլալ եզրեր, որոնք նոյն հեղինակէն առաջ կամ ետք այլոց կողմէ ալ առաջարկուած են, առանց որ իրարմէ տեղեակ եղած ըլլան առաջարկողները: Կրնան նոյն իմաստներուն համազօր աւելի ճշգրիտ, աւելի դիպուկ բառեր առաջարկուած ըլլան, ինչպէս կրնան առկայ եզրերու փոխարէն առաջարկուիլ նորաբանութիւններ՝ թերեւս որպէս հոմանիշ՝ երանգային տարբերութիւններով։
Նոր բառերու ստեղծումը չի սահմանափակուիր անպայման գիտական, արուեստագիտական կամ արհեստագիտական նորութիւններու օտար եզրերու թարգմանութեամբ։ Մեր բառապաշարին մէջ յաճախ կը պակսին արդի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու այլ ոլորտներու վերաբերեալ հասկացութիւններ, որոնք գոյութիւն առած էին ու կ՚առնեն այլ լեզուներով, եւ որոնք լաւապէս մշակման մէջ էին հայերէնի պարագային՝ մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը, երբ ահաւոր Աղէտը եկաւ ու կասեցուց մեր քաղաքակրթական յառաջխաղացքը, ներառեալ լեզուականը։
Աւելցնենք նաեւ, որ նորաբանութիւնները անպայման օտար բառերու համազօրներ գտնելու չեն ծառայեր միայն, այլ՝ նոր յատկանիշներ կամ նոր միտքեր գտնելու, որոնք հետզհետէ կը ճոխացնեն լեզուն։
Կ՚արժէ այստեղ յիշեցում մը կատարել։ Բառակերտումի, ուստի նաեւ լեզուակերտումի, աւելի ճիշտ՝ լեզուամտածողութեան զարգացման տեսակէտէն արեւմտահայերէնի դերակատարութիւնը անժխտելի եղած է ատենին եւ է՛ տակաւին, ինչպէս կը խոստովանի Երեւանի պետական համալսարանի կողմէ 2014ին հրատարակուած «Բառգրքոյկ նոր եւ նորակազմ բառեր հայերէնում»-ի հեղինակը՝ Ռուբէն Սաքապետոյեան, իր պատրաստած նորաբանութիւններու հաւաքածոյի ներածականին մէջ։ Նշելով այդ բառգրքոյկի նպատակը՝ «ընթերողի ձեռքը տալու մի համառօտ ու գործնական ուղեցոյց, որտեղ արձանագրուած են նոր եւ նորագոյն բառեր՝ յաճախ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրուող» ան կ՚աւելցնէ՝ «Դրանց մի զգալի մասը գալիս է արեւմտայերէնից, քիչ չեն նաեւ արեւելահայ իրականութեան մէջ ստեղծուածները»։ Բառգրքոյկը կարելի է այցելել «Նայիրի»-ի վրայ։
Ահա, ուրեմն, հայերէնի հանդէպ տածած սիրոյն ու պատասխանատւութեան գիտակցութեամբ Հայերէն blog-ը կը սկսի իր այս նոր նախաձեռնութիւնը։ Անկասկած փափաքելի է, որ ան արժանանայ համընդհանուր հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան, եւ մեր գրողները, ուսուցիչները, նոյնիսկ պարզ ընթերցողները իրենց նորաբանութիւններու առաջարկները յղեն անոր՝ առ ի ծանօթացում։ Լեզուագէտներն ու բառարանագէտները կրնան թերեւս օգտակար եզրեր գտնել այդ առաջարկներուն մէջ։
Վերջապէս, պէտք է գիտակցիլ նաեւ, որ նման աշխատանքներ, երբ կը կ’ընդլայնին կամաւոր աշխատանքի սահմաններէն անդին, կը կարօտին լիաժամ ու վարձատրուող մարդուժի։ Լեզուական, գրական եւ մշակութային նախաձեռնութիւննե՛րն ալ կը կարօտին նիւթական միջոցներու, որքան քաղաքական եւ այլ աշխատանքները, գուցէ եւ աւելիո՛վ, քանի որ մեր ինքնութիւնը կը պահուի ա՛յդ նախաձեռնութիւններով, եւ եթէ ինքնութիւնը չդիմանայ՝ ոչ Դատ կը մնայ, ոչ ալ երկի՛ր։ Այս մասին աւելին ըսելու առիթը կ՛ըլլայ…