ԱԹԷՆՔ, «Էքաթիմերինի»․- Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ ազգային դրօշին հրկիզումը:
Յունաստանի մէջ, 19 Մայիսին նշուեցաւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 101ամեակը: Աթէնքի կեդրոնական Սինթակմա հրապարակին վրայ` խորհրդարանին դիմաց տեղի ունեցած յիշատակման արարողութեան ընթացքին հրկիզուեցաւ Թուրքիոյ դրօշակ մը:
«Յունաստան կտրուկ կերպով կը դատապարտէ որեւէ գործողութիւն, որ ուղղուած է որեւէ երկրի ազգային խորհրդանիշը վիրաւորելուն, այս պարագային` Թուրքիոյ: Նման գործողութիւններ կը հակասեն յոյն ազգի մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ` անդրադառնալով դէպքին՝ յիշեցուց, որ երբ Աթաթուրք գրաւեց Իզմիրը, չայռեց այնտեղի յունական դրօշակները եւ ազդարարեց․ «Արդէն հարիւր տարի անցած է: Ցեղապաշտ ղեկավարները տակաւին չեն ստացած իրենց անհրաժեշտ դասը: Ոչ ոք կրնայ հասնիլ մեր փառաւոր դրօշակին»: