ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Համաճարակին նախորդող վերջընթեր նիստին որոշուած էր 12էն 14 Մայիս շարունակել Հրանդ Տինքի դէմ ոճիրին դատավարութիւնը։
Դատարանը, նկատի ունենալով համաճարակին բացառիկ երեւոյթը, որոշեց միայն 12 Մայիսի նիստով գոհանալ եւ լսել ձերբակալուած ամբաստանեալներու վկայութիւնները։ Այս նիստին ամբաստանեալներ Էրճան Կիւն, Ռամազան Աքեիւրէք եւ Մուհարրեմ Տեմիրքալէ բանտէն տեսալսողական դրութեամբ մասնակցեցան։ Ներկայ էին նաեւ Էրճան Կիւնի իրաւապաշտպանները, որոնք դարձեալ պահանջեցին իրենց պաշտպանեալներու ազատ արձակումը, բայց այս պահանջը մերժուեցաւ դատակազմին կողմէ։
Յաջորդ նիստերը տեղի պիտի ունենան 7-9 Յուլիսին։
Միւս կողմէ, Եւրոպական Մարդկային իրաւանց դատարանը մերժեց Օսման Քաւալայի անպարտ հռչակման դէմ Թուրքիոյ առարկութիւնը։