ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Չեխիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտը 20 Մայիսի լիագումար իր նիստին ընթացքին, միաձայնութեամբ ընդունեց փոխնախագահ Միլան Շթյէխի կողմէ ներկայացուած բանաձեւ մը, որ նուիրուած է Համաշխարհային Բ․ պատերազմի աւարտի 75ամեակին եւ ուր կը դատապարտուի երկու Համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.