ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ համացանցային «Զում» հարթակին միջոցաւ տեղի պիտի ունենան զրոյցներ, քննարկումներ եւ վերլուծումներ «Հայոց Պատմութիւնը լուսարձակի տակ» ընդհանուր խորագիրով։
Յունիս ամսուան ընթացքին, «Հայ ժողովուրդի ծագումն ու զարգացումը» խորագիրով նիւթը պիտի ներկայացնէ պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեան։
Հանդիպումերը տեղի պիտի ունենան ամէն Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, 3 Յունիսէն սկիզբ առնելով։
Միանալու համար այցելել https://us02web.zoom.us/j/86471853213?pwd=VnU0TTVYd0t4ZmpmYmpEOUtLM1d0dz09 կայքէջը (Meeting ID: 864 7185 3213/ Password: 406800)։