ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետի խօսնակ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր ընտանիքի անդամները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով՝ աւելցնելով, որ անոնց վիճակը լաւ է, իսկ վարչապետը իր աշխատանքները պիտի կատարէ հեռակայ կարգով։
Ան դիտել տուաւ, որ չի նախատեսուիր կառավարութեան անդամները եւ վարչապետի աշխատակազմի անդամները «Քորոնա»ի քննութեան ենթարկել, այլ անհրաժեշտութեան պարագային քննութիւն պիտի կատարուի՝ բժշկական յանձնարարութեամբ, որովհետեւ վարչապետին հետ շփում ունեցած կառավարութեան անդամները պահպանած են սահմանուած կանոնները։
Նոյն օրը յետմիջօրէին, պարէտատան նիստէն ետք, առցանց ճեպազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով իր եւ իր ընտանիքի անդամներուն վարակման՝ վարչապետ Փաշինեան քաղաքացիները յորդորեց իրենց յարաբերութիւններուն ընթացքին մարդոց հետ վարուիլ իբրեւ «Քորոնա»ի հաւանական աղբիւր, որպէսզի իր պատմութիւնը չկրկնուի։
«Ակնյայտօրէն ես եմ վարակուած եւ վարակել եմ միւսներին: Ինձ համար միանշանակ է, որ ինչ-որ տեղ հակահամաճարակային կանոնների հետ կապուած սխալ եմ թոյլ տուած, կամ որեւէ մէկն է այդ սխալը թոյլ տուած: Ուստի, ուզում եմ եւս մէկ անգամ բոլորիդ խնդրել, կոչ անել, որ իմ պատմութիւնը չկրկնէք: Կարծում եմ, որ մեր դէպքը վկայում է նաեւ, որ ընդհանրապէս մեր բոլոր շփումներում, շրջապատի բոլոր մարդկանց պէտք է վերաբերուենք որպէս կորոնավիրուսի պոտենցիալ (հաւանական-Խմբ.) աղբիւր, որովհետեւ ես եւ մեր ընտանիքի որեւէ անդամ որեւէ ախտանիշ չի ունեցել: Եւ իմ ախտորոշումը տեղի է ունեցել ընդամէնը այն բանի շնորհիւ, որ ես պարբերաբար թեստ (քննութիւն-Խմբ.) եմ յանձնում: Վաղը չէ միւս օրը Արցախի Հանրապետութիւն մեկնելու ծրագրեր կար, եւ քանի որ կարող էր այնտեղ պատահել այնպէս, որ զինուորների հետ շփում լինէր, որոշեցի ախտորոշուած, նոր մեկնել, եւ տեղի ունեցաւ դրական ախտորոշումը», յայտնեց Փաշինեան:
Ան նշեց, որ, ըստ էութեան, հանրապետութեան մէջ կրնայ ըլլալ կան 18-20 հազար անձեր, որոնք վարակուած են, սակայն չեն ախտորոշուած:
Վարչապետը դարձեալ բոլորին կոչ ուղղեց՝ պահելու հակահամաճարակային կանոնները: «Մեր ընտանիքն ամբողջ կազմով մեկուսացած է վարչապետի կեցավայրում: Այս պահի դրութեան ախտանիշներ չունենք», յայտնեց Փաշինեան։